2009-02-12 14:07:25

Վատիկանեան տեղեկութիւններ` Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը կ՛ընդունի Եւրոպական միութեան դեսպանները եւ զանոնք կը հրաւիրէ աւելի բացուելու՝ ՜՜աշխարհի հարցերուն՝՝։


Հանդիպումը կազմակերպուած է Չեխիոյ դեսպանատան մէջ, որ մինչեւ 30 յունիս 2009 կ՛ապահովէ նախագահութիւնը Եւրոպական միութեան խորհուրդին։ Կարտինալ Պերթոնէ դեսպաններուն ուղղած իր խօսքին մէջ, մաղթեց որ՝ Եւրոպան մնայ ՜՜առանց սահմանի Եւրոպա մը՝՝, բաց իր քաղաքացիներու ամենախոր եւ հարազատ արժէքներուն. եւ քաջալերեց զանոնք որ աւելի բացուին աշխարհին եւ մասնաւորապէս ափրիկեան ցամաքամասին։ Միաժամանակ կարտինալ Պերթոնէ խրախուսեց Եւրոպան մօտէն հետեւելու Միջին Արեւելքի եւ սատարելու անոր ժողովուրդներու հաշտութեան։ Հուսկ Վատիկանի Պետական քարտուղարը հրաւիրեց Եւրոպան նեցուկ կենալու ընտանիքի հաստատութեան, կայուն ընկերութիւն մը ունենալու համար՝ հարկ է կայուն ընտանիքներ ունենալ։



Եւրոպայի եկեղեցիները կը խրախուսեն Ալպանիան վերադարձնելու եկեղեցական ինչքերը իրենց տէրերուն։

Ալպանիոյ համայնավարութեան 46 տարիներուն ընթացքին, եկեղեցական ինչքերը բռնագրաւուած էին, այդ ինչքերը տակաւին չեն վերադարձուած իրենց տէրերուն, այսպէս յայտարարած է Եւորպայի եկեղեցիներու խորհուրդը, որ ներկայիս իր ժողովը կը գումարէ Թիրանա։ Եւորպայի եկեղեցիներու խորհուրդը իր խնդակցութիւնը կը յայտնէ ներկայ Ալպանիոյ մէջ տիրող կրօնական ազատութեան եւ միաժամանակ դրսեւորելով իր մտահոգութիւնը ի տես այն իրադրութեան որ տակաւին մինչեւ օրս եկեղեցական կալուածները տակաւին չեն վերադարձուած իրենց տէրերուն։ Եւորպայի եկեղեցիներու խորհուրդը կը քաջալերէ կառավարութիւնը վերատեսելու իր քաղաքականութիւնը այդ ուղղութեամբ եւ անյապաղ եկեղեցիներուն վերադարձնէ սուրբ վայրերը։ Յայտնենք թէ Ալպանիայի բնակչութեան 70 տկոսը մահմետական են, օրթոտոքսները կը ներկայացնեն 20 տոկոսը իսկ կաթողիկէները 10 տոկոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.